Հնչակեանը կըսէ ճշմարտութիւնը՝ Այդպես սորված է Ստեփան Սապահ Գիւլեանի եւ Փարամազի դպրոցեն ազգային ոգիի ժարանգող ջահակիրը
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Անկախութեան Հռչակագրի 35-ամեակին առիթով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ փորձեց սեփականացնել եւ իւրովի իմաստաւորել այն փաստաթուղթը, որ ծնունդ առաւ 1988-ին, հայ ժողովուրդի միասնական կամքէն։
ԽԱԲԿԱՆՔՈՎ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ- ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԴԷՊԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ
Անկախութեան Հռչակագրի 35-ամեակին առիթով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ փորձեց սեփականացնել եւ իւրովի իմաստաւորել այն փաստաթուղթը, որ ծնունդ առաւ 1988-ին, հայ ժողովուրդի միասնական կամքէն։
Անոր ուղերձը մերկացուց այն դաժան ճշմարտութիւնը, որուն մասին ժողովուրդը վաղուց կը խօսի․ Փաշինեան կանխամտածուած կերպով երկիրը տարաւ դէպի պատերազմ եւ պարտութիւն՝ քանդելով Հայաստանի անկախութեան հիմնական հիմքերը։
Իր բառերով՝ «զիջումները կը նշանակէին Հայաստանի անկախութեան կորուստ»։ Իրականութիւնը սակայն լրիւ հակառակն է․ «անխուսափելի պատերազմը», զոր ինք գիտակցաբար չկանխեց, պատճառ դարձաւ հազարաւոր նահատակներու, Արցախի կորուստին, հայաթափման, Հայաստանի տարածքներու կորուստին եւ պարտադրուած խաղաղութեան։ Փաշինեան պարտուողական այս վիճակը կը ներկայացնէ իբրեւ «աւելի անկախ, աւելի ինքնիշխան Հայաստան»: Այս խօսքերը դատարկ հնչիւններ են։ Հայաստանը երբեք այսքան խոցելի եւ կախեալ չէ եղած իր թշնամիներէն: Խաղաղութեան մասին անոր խօսքերը մերկ բառեր են, որովհետեւ խաղաղութիւնը, որուն կը պարծենայ, պարտութեան եւ օտար շահերու գինով ձեռք բերուած պարտադրանք մըն է։
Փաշինեանի հռետորաբանութիւնը վտանգաւոր է. նախկիններու սխալները շահագործելով՝ ան կ՛արդարացնէ սեփական կործանարար քաղաքականութիւնը։ Իր փաստարկները կը բեռնէ «անկախութիւն» բառով, մինչդեռ իրականութիւնը բոլորովին հակառակն է․ Հայաստանը կորսնցուցած է անկախութեան հիմնական սիւները՝ անվտանգութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, պատմական ժառանգութիւն։
Փաշինեան կը փորձէ խաբկանքով ներկայացնել, թէ իբր Հայաստանը երբեք այսքան անկախ եւ ինքնիշխան չէր եղած։ Սակայն մեր ժողովուրդը լաւ կը գիտէ, որ իրական անկախութիւնը կը չափուի ոչ թէ գեղեցիկ բառերով, այլ՝ գործով։ Հայաստանը օր ըստ օրէ աւելի կախեալ կը դառնայ Թուրքիայէն եւ եւ Ազրպէյճանէն: Մեր անվտանգութեան համակարգերը քանդուած են, մեր սահմանները վտանգուած, մեր ազգային շահերը նուաճուած։
Անկախութիւնը չի կառուցուիր միակողմանի զիջումներով ու պարտութեամբ։ Անկախութիւնը կը պահուի ուժով, արժանապատւութեամբ, արդար պահանջատիրութեամբ եւ պատմական հիմքերու հաւատարմութեամբ,իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։
Այսօր, 35 տարի ետք, մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել ոչ միայն մեր սահմանները, այլեւ մեր պետականութեան հիմնադիր փաստաթուղթը։ Հայաստանի ապագան կախեալ է ոչ թէ Փաշինեանի խաբկանքներէն, այլ Անկախութեան ուխտին հանդէպ ժողովուրդին հաւատարմութեամբ։ Անկախութեան Հռչակագիրը մեր Երրորդ Հանրապետութեան ծննդեան վկայականն է: Մերժելով Հռչակագիրը՝ Փաշինեան կը մերժէ Հայաստանի Հանրապետութեան իսկական գաղափարը։
Մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բարձրաձայն պաշտպանել Հայաստանի անկախութիւնը, պաշտպանել Հռչակագիրը: Հայ ժողովուրդը իր վճռական «ոչ»-ը պիտի ըսէ Փաշինեանի կործանարար քաղաքականութեան։
Հայաստանի ապագան չի կառուցուիր պարտուող ղեկավարներու ձեռքով․ ան կը կառուցուի հաւատարիմ, արժանապատիւ ոգիով,ազգային յիշողութիւնը պաշտպանելով, եւ անկախութեան գաղափարը վերակենդանացնելով։